2009-01-25 15:57:40

Լուրեր հայ աշխարհէն` Երկքաղաքացիութիւն Ստացած Է 1107 Հոգի։


 2008 Յունուար 1էն ի վեր երկքաղաքացիութիւն ստացած է 1107 հոգի։ Երկքաղաքացիութիւն ստանալու համար մեծաթիւ դիմումները եկած են Վրաստանէն՝ 804 հոգի։ Ռուսիայէն դիմած է 156 հոգի, իսկ Ուզպեքիստանէն՝ 29։ Թուրքմէնիստանէն, Իրաքէն, Իրանէն եւ Սուրիայէն երկքաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմած են 20ական քաղաքացիներ։ Գերմանիայէն, Քանատայէն, Պրազիլիայէն, Լիթվիայէն դիմած է մէկական քաղաքացի, իսկ Թուրքիայէն դիմած են երկու հոգի։ Երկքաղաքացիութեան համար դիմած են նաեւ Ամերիկայէն անոնց թիւը 12 է։

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած են քաղաքացիութիւն չունեցող 29 անձեր։



Քաղցկեղը Ամենամահացու Հիւանդութիւնը Պիտի Ըլլայ 2010ին։

Առողջապահութեան մարզի միջազային մասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը հասած է այն եզրակացութեան, թէ 2010ին աշխարհի ամենամահացու հիւանդութիւնը պիտի դառնայ քաղցկեղը՝ այդ ՝՝պատիւը՝՝ խլելով սրտի հիւանդութենէն։ Անոնք նաեւ կը շեշտեն, թէ մինչեւ 2030 թուականը, քաղցկեղով մահացողներուն թիւը պիտի կրկնապատկուի։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համար կատարուած այս ուսումնասիրութեան մէջ, քաղցկեղով մահացողներուն այս աճը կը վերագրուի ծխախոտի օգտաործման հսկայական աճին՝ յատկապէս Չինաստանի ու Հնդկաստանի մէջ, ուր ներկայիս կապրի աշխարհի ծխողներուն 40 տոկոսը։ Մասնագէտները կը շեշտեն, թէ այս աճը աւելի պիտի ըլլար, եթէ քաղցկեղի տարածումը կանխարգիլելու միջոցները չբարելաւուէին։



Շարլ Ազնաւուրի Հարցազրոյցը ՝Յունական Հեղինակաւոր Թօ Վիմա Թերթին։



Յունական հեղինակաւոր թերթերէն (Թօ Վիմա) BHMA թերթի Ինը Նոյեմբերի կիրակնօրեայ թիւին մէջ հարցազրոյց մը հրատարակուած է, իբրեւ վերջին պոհէմ բնութագրուող՝ Շարլ Ազնաւուրի հետ։ ՝՝Առասպելական ձայն մը, որ կամրջում կը կատարէ անցեալի իսկական մեծերու եղանակին եւ այսօրուան միջեւ՝՝ բառերով կը նկարագրուի 20րդ դարու կարեւորագոյն արուեստագէտներէն Շարլ Ազնաւուրը, որ կը խօսի իր կեանքի բոլոր ծալքերուն մասին։ Հարցազրոյցը կատարուած է երաժիշտի Փարիզի բնակարանին մէջ, թերթի լրագրող Եորղոս Արխիմանտրիթիսի կողմէ եւ լուսանկարները կը պատկանին Fred Aufrayի։ 84ամեայ հռչակաւոր արուեստագէտը կը խօսի իր մանկական տարիներուն, ծնողքին եւ ապրած կացութիւններուն մասին., ան յատուկ տեղ կը տրամադրէ Էտիթ Փիաֆին հետ իր ծանօթութեան ու գործակցութեան, եւ իր ասպարէզէն ներս հետագայ տարիներուն հետզհետէ ձեռք բերուած փորձառութեան։

Խօսելով հայկական իր ծագումին մասին, Ազնաւուր կըսէ, թէ՝՝ կը հաւատայ, որ կան մարդիկ, որոնց ծնունդը յատուկ նպատակի մը կապուած է՝՝։ Իր պարագային, ան կը հաւատայ, թէ ծնած է՝՝որպէսզի Հայաստանը ձայն ունենայ՝՝ (եւ կաւելցնէ), Բարեկամներս կը խնդան, երբ այսպէս կարտայայտուիմ, սակայն սնափառութեամբ չէ, որ այս գաղափարը կարտայայտեմ, որովհետեւ անմահութիւնը չէ իմ նպատակս, այլ հայկական ծագումիս հարազատ ըլլալու եւ մնալու առաջադրանքը։ Լրագրողը հարց կու տայ Ազնաւուրին, թէ ՝՝ի՞նչ բան զինք կը վախցնէ՝՝... Ազնաւուր կը պատասխանէ. ՝՝Ոչի՛նչ, ո՛չ մահը, ո՛չ ծերութիւնը, ոչ ալ տարիները, որ կանցնին՝՝։ Սակայն այն՝ որ զիս կը սարսափեցնէ, կեանքը վայելած չըլլալու վախն է,( կաւելցնէ ան)։ Լրագրողը դարձեալ դիտել կու տայ, թէ իր երգերուն մէջ կարօտի զգացումը շատ զօրաւոր ձեւով կ՝արտայայտուի,ինչ որ հասարակաց զգացում մըն է Յունական երգերուն մէջ ալ։ ՝՝Անշուշտ (կ՝ըսէ Ազնաւուր ) որովհետեւ հայեր եւ յոյներ,ինչպէս լիբանանցիներ, սուիրացիներ կամ հրեաներ նոյն իրավիճակները դիմագրաւած են՝նոյն թշնամիներուն դէմ կռուելով եւ նոյն կրօնքը ունենալով։ ՝՝ Ցաւը եւ կարօտը այս ազգերուն DNAին մէջ անցած է,քանի որ մենք ժառանգորդներն ենք մեր նախնիներուն,որոնք հալածուեցան ու բնաջնջուեցան՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.